Բնական Լեզուի Մշակում

ԲԼՄ - Բնական Լեզուի Մշակում-ը կը գոյանայ այն խաչմերուկիրն ուր Աբ-ը Արհեստական Բանականութիւնը, Համակարգչային Գիտութիւնը եւ մարդկային Լեզուն կը հանդիպին։
«ԲԼՄ»- «Բնական Լեզուի Մշակում»-ը կը գոյանայ այն խաչմերուկիրն ուր «Աբ»-ը «Արհեստական Բանականութիւնը», «Համակարգչային Գիտութիւն»-ը եւ «Մարդկային Լեզուն» կը հանդիպին։

Բնական լեզուի մշակում (ԲԼՄ) (անգլերէն՝ Natural Language Processing) միջառարկայական ենթադաշտ մըն է {Լեզուաբանութեան, Համակարգչային գիտութեան (անգլերէն՝ Computer Science), եւ Արհեստական բանականութեան մէջ}, որ կը զբաղուի մէկ կողմէն համակարգիչներու եւ միւս կողմէն մարդկային լեզուներու փոխյարաբերութեամբ ու միջանկեալ-գործողութիւններով, յատկապէս թէ ինչպէ՞ս կը ծրագրաւորուին համակարգիչները մեծ քանակով բնական լեզուի տուեալներ մշակելու եւ վերլուծելու։ Նպատակը այնպիսի համակարգիչ մը ունենալն է զոր ատակ է «հասկանալ, կամ ըմբռնել» բառական (բնագրային) տուեալներու բովանդակութիւնը, ներառեալ անոնց լեզուի համաբնագրային նրբութիւնները։

Բնական Լեզուի Մշակումը կը կիրարկէ համակարգիչին ոյժը, մարդկային լեզուի բարդութեան, նրբութիւննեուն ու երփնազանութեան վրայ։[1]ԲԼՄ-ն համակարգիչներուն հնարաւորութիւն կու տայ կարդալ գրութիւններ, լսել խօսք, եւ մեկնաբանել անոնք, չափել զգացումները եւ որրոշել թէ ո՞ր մասերն են կարեւոր։

«Բնական լեզուի մշակում»-ի մարտահրաւները յաճախ կը պարփակեն՝

  • «Խօսքի ճանաչում»-ը,
  • «Բնական-լեզուի հասկացողութիւն»-ը (նաեւ կը կոչուի «Բնական-լեզուի մեկնում»),
  • եւ «Բնական-լեզուի ծննդագործութիւն (յառաջացում)»-ը։

Պատմութիւն

«Բնական լեզուի մշակումը Python ծրագրաւորումի լեզուով» Բ (2-րդ) հրատարակութիւն (անգլերէն)
«Բնական լեզուի մշակումը Փայթըն ծրագրաւորումի լեզուով» Բ (2-րդ) հրատարակութիւն (անգլերէն)

Բնական լեզուներու մշակումի պատմութիւնը հիմնականօրէն սկիզբ առած է 1950-ական թուականներէն, թէեւ կարելի է կարգ մը աւելի հին գործեր գտնել։

  • Նշանակական ԲԼՄ (անգլերէն՝ Symbolic NLP, 1950ականներէն-վաղ 1990ականներ)։
  • Վիճակագրական ԲԼՄ (անգլերէն՝ Symbolic NLP, 1990ականներէն-վաղ 2010ականներ)։
  • Ջղային (Նեարդային) ԲԼՄ (ներկայ ժամանակներ, անգլերէն՝ Neural NLP)։

ԲԼՄ-ի գործառոյթները

Վարի ցանկը կը բովանդակէ Բնական լեզուի մշակումի ամէնաընդարձակօրէն ուսումնասիրուած գործառոյթները։

Գրութեան եւ խօսքի մշակում

անգլերէն՝ Text and speech processing։

  • Խօսքի ճանաչում
  • Խօսքի հատուածացում
  • Գրութիւն ի խօսք (գրութենէ խօսք)
  • Բառի հատուածացում

Ձեւախօսական ձեւաբանական վերլուծութիւն

անգլերէն՝ Morphological analysis

Շարադասական վերլուծութիւն

շարահիւսական վերլուծութիւն անգլերէն՝ Syntactic analysis

Բառագրային իմաստաբանութիւն

Նաեւ կը կոչուի բառագրական իմաստաբանութիւն անգլերէն՝ Lexical semantics

Յարաբերական իմաստաբանութիւն

անգլերէն՝ Relational semantics

Ճառախօսութիւն

անգլերէն՝ Discourse

ԲԼՄ-ի բարձր մակարդակի կիրարկութիւններ

Ինքնազօր ամփոփում գրւթիւններու ամփոփում

Քերականական սխալներու սրբագրում

Մեքենայական թարգմանութիւն

Բնական լեզուի հասկացում

Բնական լեզուի յառաջացում ծնանում

Գիրքի յառաջացում

Տե՛ս նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

  1. Natural language processing - Automated tools for text processing, analysis and generation.- BBC: Research & Development, Project from 2011 - present (անգլերէն)