Թէյի Միջազգային Օր

Թէյի Միջազգային Օր

Տեսակ հիշարժան ամսաթիվ? եւ Միջազգային օր
Ամսաթիւ 21 Մայիս[1]
սկսած 2020[2]
Հաստատուած 19 Դեկտեմբեր 2019[3]
Անուանուած է թէյ
Ի յիշատակ թէյ
Կայք un.org/es/observa…(սպան․)

Թէյի միջազգային օր (անգլերէն՝ International Tea Day), ամէն տարի՝ Դեկտեմբեր 15-ին[4], աշխարհի թէյ արտադրող առաջատար բոլոր երկրները կը նշեմ թէյի միջազգային օրը: Իւրայատուկ տօն թէյ սիրող մարդոց համար։

Թէյի միջազգային օրը մեծ շուքով կը նշուի յատկապէս այն երկրներու մէջ, ուր թէյի տնկադաշտեր կան` Հնդկաստան, Սրի Լանքա, Չինաստան, Վիեթնամ, Ինտոնեզիա եւ այլն[5]:

Սոյն օրուան գաղափարը երկար տարիներ գոյութիւն ունեցած է, սակայն այն պաշտօնապէս Դեկտեմբեր 15-ին նշելու որոշումը կ՛ընդունուի 2004-ին Մումպայի մէջ․ իսկ առաջին հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը կը կատարուի 2005-ին Տելհիի մէջ[6] եւ յաջորդ տարի կը կազմակերպուի Սրի Լանքայի մէջ։

Օրուան նպատակը

Օրուան նպատակն է գրաւել կառավարութիւններուն եւ քաղաքացիներուն ուշադրութիւնը՝ թէյի վաճառքի խնդիրներուն, թէյի արտադրութեամբ աշխատողներուն վիճակին, փոքր արտադրողներուն եւ սպառողներուն փոխադարձ կապի հարցերուն[7]:

Ըստ գիտական վարկածներէն մէկուն թէյը որպէս ըմպելիք բացայայտուած է Չինաստանի երկրորդ կայսր Շեն Նունկի կողմէն, Ք․Ա․ 2737 թուականին, երբ կայսրը թէյի թերթիկները պատահաբար դրած է տաք ջուրով գաւաթի մը մէջ։ Այդ օրուընէ Չինաստանոի մէջ թէյը դարձած է շատ պահանջուած ըմպելիք:

Չինական թեյ

Ծանօթագրութիւններ