Հոմս (արաբերէն՝ حمص), քաղաք Սուրիոյ կեդրոնը, Հոմս մարզի վարչական կեդրոնը։ Դամասկոսէն հեռու է 162 քմ՝ դէպի հիւսիս, Հալէպէն՝ 192 քմ դեպի հարաւ։ Արեւմուտքին՝ 90 քմ հեռաւորութեան վրայ, Սուրիոյ Թարթուս նաւահանգիստն է։
Քաղաքը կը գտնուի Օրօնտես գետի հովիտին մէջ։ Այն քաղաքը կը բաժնէ արեւելեան ու արեւմտեան հատուածներու։ Քաղաքի պատմական կեդրոնը արեւելեան հատուածն է, իսկ արեւմուտքին նորակառոյց թաղամասեր են։ Բնակչութիւնը՝ 775 404 մարդ (2017)։