Նի Եո

Նի Եո

Շաֆէր Չիմէր Սմիթ (18 Յունուար 1980(1980-01-18), Camden, Արկանզաս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի R&B երգիչ, երգահան, երաժշտական փրոտիւսըր, պարող եւ դերասան։ Իր գործը կը սկսի որպէս երգեր գրող, երբ 2004 թուականին կը գրէ «Let Me Love You» գեղեցիկ երգը ամերիկացի երգիչը Մարիոյի համար։ Իր ստուդիական երգատետրը կը հրատարակէ 2006 թուականին փետրուարին, իսկ ընդհանուր թիւով մինչեւ այժմ կը հրատարակէ 6 ստուդիական երգատետր, որոնցմէ քանի մը հատը ամբողջ աշխարհին մէջ կը վաճառուի միլիոնաւոր օրինակներով եւ կը գլխաւորուին հիմնական գեղեցիկ եւ լաւ երգեր։ Բազմաթիւ մրցանակներու լաւագոյններէն մէկն է, այդ թիւին մէջ 3 անգամ կը ստանայ Կրեմմի մրցանակ։

Անձնական կեանք

Նի Եոն 2009 թուականին կը հանդիպի դերասանուհի Մոնիեթա Շոյի հետ[1]։ Անոնց աղջիկը՝ Մադիլին Գրէյս Սմիթը, կը ծնի 2010 թուականին նոյեմբեր 12-ին Ատլանտիոյ մէջ[2]։ Զոյգին որդին՝ Մէյսոն Էւան Սմիթը, լոյս աշխարհ կու գայ 2011-ին հոկտեմբեր 9-ին։ Նի Յոն եւ Մոնյետա Շոյը կը բաժնուին 2013 թուականին[3]։

Սկաւառակագրութիւն

Ստուդիական երգատետրեր

  • «In My Own Words» (2006)
  • «Because of You» (2007)
  • «Year of the Gentleman» (2008)
  • «Libra Scale» (2010)
  • «R.E.D.» (2012)
  • «Non-Fiction» (2015)

Երգերէն

  • «Let me love you»
  • «Give me everything» բիդպուլի հետ
  • «Time of our lives»
  • «Play hard» դաւիթ կիւէթթայի հետ
  • «Forever now»
  • «Should be you»
  • «Higher place»
  • «Don't mame em like you»
  • «Finer things»
  • «I can't win»

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ