Նոթինկ Հիլ

Թաղամաս
Նոթինկ Հիլ
Երկիր  Միացեալ Թագաւորութիւն
Տարածութիւն 1,59 քմ²
Փոստային ցուցանիշ W11 եւ W10

Նոթինկ Հիլը Լոնտոնի պատկանող թաղամաս է։ Կը գտնուի Քէնսինկդոնի եւ Ջելսիի նահանգին մէջ, Հայտ Բարքին մօտերը։

Հարուստ հատուածի հռչակը ունի, իր մեծ քաղաքային եւ վիքթորիական ոճով տուներու գրաւիչ պատշգամներուն եւ ճաշարաններուն համար։ Իր բազմաթիւ երաժշտութեան խանութները Նոթինկ Հիլը կը դարձնեն մշակոյթի վայր մը։

Հետաքրքրական տեղ մըն է, որովհետեւ այնտեղ Օգոստոսին կը կատարուի Նոթինկ Հիլի բարեկենդանը։ Նոթինկ Հիլի բարեկենդանը փողոցի փառատօն է, ուր կը ներկայացուին ծպտուած պարողներ. հսկայ տօն է Գարայիպի մշակոյթին համար։ Բարեկենդանը ստեղծուած է 1960 տարուան ընթացքին, իբր ստոյգ պատասխան լարումներուն՝ գաղթողներու համայնքին, որ նոր հասած էին եւ միւս համայնքերուն միջեւ։ Այս լարումներուն ամէնէն կարեւոր խռովութիւնները կատարուեցան Նոթինկ Հիլին մէջ։

Նոթին Հիլին մէջ նաեւ Բորդոպելլօ Րոտին շուկան տեղի կ'ունենայ, որ այս օրերուն դարձած է կարեւոր զբօսաշրջիկութեան վայր Լոնտոնի համար։ Այս շուկային շուրջը կան ահագին հնավաճառներ։ Շուկան տեղի կ'ունենայ ամէն Շաբաթ եւ կը բերէ գնողներ, ծախողներ եւ զբօսաշրջիկներ։ Այս վերջին տարիները շուկան շատ ճանչցուեցաւ եւ երթալէն դարձաւ զբօսաշրջիկութեան վայր մը։ Ասոր համար է որ կ'ըսեն թէ իր որակը իջաւ։

Նոթինկ Հիլը ճանչցուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ «Նոթինկ Հիլ» (1999) ֆիլմին շնորհիւ, որուն մէջ կը խաղան Ժուլիա Րոպէրթը եւ Հիւկ Կրանթը։ Ֆիլմին մէջ կրնանք նկատել Բորդոպելլօ Րոտին շուկան։

Պատմութիւն

Նոթինկ Հիլին անունը կու գայ բլուրէ մը, որուն մէջէն կ'անցնէր Լատպրոք Կրովը եւ իր գագաթը կը գտնուի Սուրբ Ճոնին եկեղեցին։ Բայց ուրիշներ կ'ըսեն թէ Նոթինկ Հիլը կապ ունի ուրիշ բլուրի մը հետ, որուն անունը Գամբտեն է։ Կ'ըսուի որ անունը շատ հին է եւ ածանցեալ է Սացոնէն «Գնոդա» բառէն ինչպէս կրնանք գտնել Գնոդա Հիլի քաղաքի անուան մէջ։

Նոթինկ Հիլը պզտիկ հանգիստ թաղամաս էր։ Բայց երբ որ Նոթինկ Հիլ ֆիլմը ելաւ, գիւղը որ արդեն բազմաէթնիկ էր, դարձաւ զբօսաշրջիկութեան վայր։

Սկիզբը ամէն մէկ հատուածը գիւղ էր եւ կը պատկանէր Քենսինկթոնի հիւսիսային ժողովրդապետութեան։ Բնակարան մը կար։ Նոթինկ Հիլի անունը տարածուեցաւ, երբ որ նոր ճամբու իրաւունք ստացան եւ շինեցին հիմնական ճամբուն վրայ, Լոնտոնէն մինչեւ Իւցպրիճ, որ հիմա Օքսֆորտ Սթրիթին, Պէյսույաթըր Րոտին եւ Հոլանտ Բարք Աւընեուին պէս յայտնի եղած է։ Ճամբու իրաւունքը տրուած էր Նոթինկ Հիլ Կէյթին։ Ճամբու իրաւունքը հոս էր կեցնելու համար մարդոց, որ կ'անցնէին ճամբայէն առանց վճարելու։ Այս ճամբու իրաւունքը հանուեցաւ XIX րդ դարուն։

Ուրեմն տարբերութիւն կայ ժամանակակից Նոթինկ Հիլին եւ Նոթինկ Հիլ Կէյթին միջեւ։ Բայց յաճախ մարդիկ երկուքը կը խառնեն։

XIX րդ դարուն, երբ որ Լոնտոնի տարածումը հասաւ մինչեւ Պեյսույադըր, հողային տանտէրը որ կը պատկանէր Լատպրոք ընտանիքին, սկսաւ 1820-ին փողոցներ եւ տուներ շինել, որ հատուածը դառնայ նորոյթ արուարձան մը։ Ատոր համար է որ շատ մը փողոցներ կը կոչուին Լատպրոք։

Հիմնական ճարտարապետը Դոմա Ալլոմներ (կը պատկանէր Լատպրոք ընտանիքին)։ Իր գաղափարը այն էր որ տուները շարուած ըլլան պարտեզի մը շուրջը եւ ճամբան գտնուի տան միւս կողմը։ Ասի ըսել է որ տուները ունին մէկ անգամէն մուտք մը դէպի համայնքի պարտէզ։ Բայց այնտեղ չապրողները չէին կրնար պարտէզ երթալ եւ պարտէզը չէր տեսնուեր փողոցէն։

Նոթինկ Հիլի տուները մեծ էին, բայց երբ որ շինուեցան ամէնէն հարուստ լոնտոնցիները չուզեցին հոն ապրիլ, որոհետեւ կը նախնտրէին աւելի կեդրոնը ապրիլ, օրինակ՝ Մաեֆար կամ Պելկրավիա։ Ուրեմն կանչեցին իրենց ազնուազարմութիւնը, որ ապրին Պելկրավիային մոտելին պէս, բայց աւելի աժան գիներով։

Ինչպէս ուրիշ հատուածներ Լոնտոնի մէջ, Նոթինկ Հիլի հռչակը շատ փոխուեցաւ XX րդ դարուն։ Այն միջոցին որ ազնուազարմութիւնը ծառայ ալ չէր ուզեր, Նոթինկ Հիլին տուները կորսնցուցին իրենց հետաքրքրութիւնը եւ երթալէն բաժնուեցան զատ զատ բնակութեան։

1980 տարիներուն, ետ նորոյթ եղաւ Նոթինկ Հիլ ապրիլ մեծ տուներու մէջ։ Հիմա, Նոթինկ Հիլը եղած է ամէնէն հարուստ տեղերէն մէկը Լոնտոնի մէջ, որովհետեւ ունի շատ մը պարտէզներ, Հոլանտ Բարքը, Քէնսինկդոն պարտէզները եւ ունի խանութներ։

Ճանչցուած անձեր որ կ'ապրէին Նոթինկ Հիլ

  • Լաժոս Քոսիւդ (1802-1894), քաղաքապետ մարդ, որ կ'ապրէր 39թ Չէբսդոն Վիլլաս։
  • Հօույարտ Սդոնդոն (1810-1874), շախմատի գլխաւոր, որ կ'ապրէր 117թ Լանստոն Րոտ։
  • Ուիլիամ Գրոքս (1832-1919), գիտական եւ քիմիագէտ որ կ'ապրէր եւ ուր մեռաւ 7թ Քէնշիկդոն Բարք Կարտընս։
  • Էմըլին Բանխըրսդ (1858-1928) եւ իր աղջիկը Գրիսդապէլ Բանխըրսդ (1880-1958) որ կ'ապրէին 50թ Գլարէնտոն Րոտ։
  • Ալպէր Շըւալիէ (1861-1923), դերասան որ ծնած է 17թ Սուրբ Աննի Վիլլաս։
  • Ժաույահարլալ Նէհրու (1889-1964), հնդիկ քաղաքապետ, որ երկու տարի ապրած է 64թ Էլկին Գրեսէնդ

Աղբիւրներ

  • Portobello Road". London Online. Archived from the original on 23 February 2010. Retrieved 18 February 2010.
  • ^ "Notting Hill: Mandelson in good company". BBC News. 22 December 1998. Retrieved 17 February 2009.