Շուշան

Շուշան, շուշանազգիներու ընտանիքի բազմամեայ սոխուկաւոր խոտաբոյսերու ցեղ։ Նշանաւոր է շուրջ 90 (այլ տուեալներով՝ 100) տեսակ։
Անունը տարբեր լեզուներով

Բազմաթիւ լեզուներ կը բաժնեկցին այս ծաղիկին հնագոյն անունը, ասորերէն՝ շուշան, աքքատերէն՝ շիշնու, եփրայերէն՝ շոշան, միջին պարսկերէն՝ սոսան, դասական յունարէն՝ սուսոն, վրացերէն՝ շրոշանի։ Ըստ ստուգաբաններու բոլորը ծաղկած են շուշանը խորհրդանշող եգիպտական գրանշանէ մը, որ կը հնչէր «զշն»[1]։
Հայրենիք
Հայրենիքը կը համարուի Հիւսիսային կիսագունդը Ճափոն, Չինաստան, Հեռաւոր Արեւելք, Սիպերիա, Կովկաս, Հնդկաստան, Եւրոպա (Միջերկրական ծովու շրջանին մէջ գտնուող երկիրները), Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա։
Կենսաբանական նկարագրութիւն

Սոխուկը թեփուկաւոր է։ Ցօղունը ճիւղաւորուող է, կանգուն, տերեւապատ, բարձրութիւնը՝ 100-110 սմ։ Տերեւները հերթադիր են, նշտարաձեւ։ Ծաղկաբոյլը հուրանաձեւ է, ծաղիկները՝ մեծ, դեղին՝ շագանակագոյն բիծերով։ Կը ծաղկի Յունիս-Յուլիսին։ Պտուղը բազմասերմ տուփիկ է։ Վերատնկման ատեն, սոխուկները անհրաժեշտ է տեսակաւորել, տնկելով միայն մեծերը, իսկ մանրերը հարկ է պահել յաջորդ տարուան գարնան տնկելու համար[2]։
Արժէքը
Մեղրատու է եւ գեղազարդիչ։ Շուշանի կարգ մը տեսակներ (սպիտակ եւ չինական շուշաններ, վագրաշուշան եւ այլն) կը մշակուին նաեւ ՀՀ-ի մէջ՝ իբրեւ գեղազարդիչ բոյսեր։ Գրանցուած է ՀՀ Կարմիր գիրքին մէջ։
Շուշանին բուժիչ յատկութիւնները
Շուշանը ունի օգտակար յատկութիւններ՝
- Անոր ծաղիկներուն թուրմը կ'օգտագործուի կարգ մը հիւանդութիւններու բուժման համար, ինչպէս՝ Սրտանոթային հիւանդութիւններու եւ ակնաբուժութեան[3]:
- Միզուղիներ (ureverass)
- Անքնութիւն եւ նեարդային հարցեր
- Աղիքային հարցեր