Տարօն

Գաւառ
Տարօն
Երկիր  Մեծ Հայք

Տարօն, գաւառ Մեծ Հայքի Տուրուբերան նահանգի կազմին մէջ[1]։

Պատմութիւն

Ք.ա. IX-VI դդ. Տարօնը եղած է հայկական լեռնաշխարհի կազմաւորուած առաջին միասնական պետութեանը՝ Ուրարտուի կարեւոր գաւառներէն մէկը, առաջնակարգ դեր խաղցած է անոր տնտեսական, քաղաքական եւ յատկապէս կրօնամշակութային կեանքին մէջ։ Կրօնական աւանդոյթի ուժով, 301–ին քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ճանչցած հայ ժողովուրդը մկրտուած է Տարօնի հնամենի սրբատեղիներուն մէջ։ Տրդատ Գ. թագաւորի զօրքերը մարտերու ընթացքին, տեւական ընկճած են Տարօնի ընդդիմադիր ուժերը, կործանած հեթանոսական սրբարանները եւ անոնց տեղը հիմնած եկեղեցիներ։ Արքունի հրովարտակով Վահունի քրմապետական տան տիրոյթները տրուած են Գրիգոր Լուսաւորիչի հայրապետական տոհմին, իսկ Սլկունեաց տիրութիւնները՝ Մամիկոնեաններու տոհմի սպարապետական ճիւղին։

V-VI դդ. Տարօնը եղած է Սասանեան Պարսկաստանի դէմ հայ ազատագրական շարժման հզօր կեդրոն։ Այդ պայքարի ընթացքին Մամիկոնեան իշխանները յաճախ սատարած են Բիւզանդական կայսրութեան եւ Տարօնը եղած է արիւնալի պատերազմաբեմ։ VI-VIII դդ. Մամիկոնեանները Տարօնին միացուցած են մերձակայ Խոյթը, Սասունը եւ այլ գաւառներ։

Հայաստանի 591–ի բաժանմամբ Տարօնը անցած է բիւզանդական գերիշխանութեան ներքեւ։ 639-էն վերամիաւորուած է արաբական արշաւանքներու հետեւանքով, երբ Հայաստանի մէջ անկախութիւնը վերականգնուած է։ 774-775–ին արաբական զօրաբանակներու դէմ ազատագրական մարտերուն ծանր պարտութիւն կրելէ ետք, ուժասպառ Մամիկոնեանները Տարօնէն գաղթած են Բիւզանդիա, մասամբ՝ Տայք։ Տարօնը այնուհետեւ անցած է արաբական խալիֆայութեան հետ ճկուն դիւանագիտութիւն վարող Բագրատունիներուն։ XIII-XVI դդ. Տարօնը ինկած է թաթար–մոնկոլական եւ թուրքմենական հրոսակ ցեղերու տիրապետութեան ներքեւ։ 1535–ին եւ 1639–ին կնքուած թուրք–պարսկական պայմանագիրներով Տարօնը բռնատիրած է Օսմանեան սուլթանութիւնը։

Տե՛ս նաեւ

Գրականութիւն

  • Թ.Խ. Յակոբեան (1981), Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւն, Երեւան։ «Միտք»։

Արտաքին յղումներ

Ծանօթագրութիւններ

  1. «2195 Մեծ Հայքի վարչական բաժանումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-24-ին։ արտագրուած է՝ 2015-05-19