Օդանաւ

Աշխարհի ամենամեծ մարդատար օդանաւը՝ Էյրպաս Ա 380:

Օդանաւ, օդէն ծանր թռչող սարք մը՝ շարժիչներու եւ թեւերու օգնութեամբ։ Մեծ արագութեան, բեռնունակութեան, գործողութեան շառաւիղի, յուսալիութեան շնորհիւ ունի աւելի լայն գործածութիւն, քան միւս թռչող սարքերը։

Օդանաւը կը տարբերի ուղղաթիռէն։

Երբ օդանաւը կը յառաջանայ, թեւերը երկուքի կը բաժնեն օդը:

Թեւին վրայէն անցնող օդը աւելի արագ կ'ընթանայ, որովհետեւ անիկա աւելի երկար հեռաւորութիւն մը կը կտրէ, մինչեւ որ դարձեալ միանայ վարէն անցնող օդին: Ասիկա ճնշումի տարբերութիւն մը կը յառաջացնէ երկու մասերուն միջեւ: Ասիկա անոր կարելիութիւնը կու տայ օդին մէջ մնալու` հակառակ իր ծանրութեան:

Օդանաւը օժտուած է նաեւ երկու ղեկավարող գործիքներով: Ուղղութեան ղեկը օդանաւին կարելիութիւնը կու տայ դէպի աջ կամ դէպի ձախ դառնալու, երբ անիկա  գետնին վրայ է: Մինչ խորութեան ղեկը կը գործածուի օդանաւը օդին մէջ բարձրացնելու կամ գետին իջեցնելու համար[1]:

Օդանաւին թեւերը անոր կարելիութիւնը կու տան, թռիչքի ընթացքին, օդանաւը դէպի կողմ թեքել եւ զայն դարձնել:

Վերջապէս, հզօր շարժակներ կը հրեն օդանաւը դէպի վեր բարձրանալու ընթացքին, որպէսզի ան բարձրանայ եւ երկնքին մէջ մնայ:

Պատմութիւն

Թռչող մեքենաներու առաջին գծագրերը յայտնաբերուած են Վերածնունդի դարաշրջանի իտալացի մեծ նկարիչ, քանդակագործ ու գիտնական Լէոնարտօ տա Վինչիի ձեռագրութեան միջոցով։

Անկէ յետոյ շատ ու շատ գիւտարարներ զբաղած են թռչող գործիքներ ստեղծելով, ոմանք նաեւ կը նմանէին թռչուններու. մարմինին թեւեր յարմարեցնելով՝ կ'ուզէին օդ բարձրանալ։ Բայց մարդը երկինք ճախրեց ոչ թէ մկաններու, այլ բանականութեան ուժով։

ԺԹ. դարու վերջին կատարելագործուած ներքին այրման շարժիչները հնարաւորութիւն տուին ստեղծել նաեւ թեթեւ եւ բաւականաչափ հզօր օդանաւի շարժիչ։

17 Դեկտեմբեր 1903-ին օդ կը բարձրանայ քարիւղով աշխատող շարժիչով՝ ամերիկացի Օրուիլ եւ Ուիլպեր Ռայթ եղբայրներու կառուցած «Ֆլայըր» («Սաւառնակ») օդանաւը եւ անցաւ 35 մ. ճանապարհ։ Թէեւ մարդուն առաջին թռիչքը կը տեւէ ընդամէնը 12 երկվայրկեան, սակայն այդ արդէն իրական թռիչք էր՝ վերասլացքով ու վայրէջքով։

1909-ին Լուի Պլերիոն անցաւ Լա Մանշ նեղուցը, իսկ 10 տարի ետք Էլքոկն ու Պրաունը իրականացուցին առաջին անվայրէջք թռիչքը Ատլանտեան ովկիանոսին վրայէն։

1927-ին Չարլզ Լինտպերկ «Սենթ Լուիսի ոգին» օդանաւով, առաջինը աշխարհին մէջ, առանձինը կրնայ անցնիլ Ատլանտեան ովկիանոսը։

1930 -ին Էմմի Ճոնսոն կ'անցնի Անգլիայէն Աւստրալիա եւ դառնալով առաջին թռիչք կատարած կին օդաչուն, իսկ 2 տարի ետք ամերիկացի Էմիլիա Էրհարթը առաջինն էր, որ կը հատէ Ատլանտեան ովկիանոսը։ Անոր թռիչքը կը տեւէ 15 ժամ 18 վայրկեան։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն առաւել յայտնի կը դառնան ֆրանսական «Ֆարման», «Վուազէն» եւ «Նիւպոր», անգլիական «Սոպուիչ», գերմանական «Ֆոկեր», ռուսական «Իլիա Մուրոմեց» մարտական օդանաւերը, որոնք կը զարգացնէին 90-120 քմ. արագութիւն եւ բաւականաչափ ծանր բեռներ կը փոխադրէին։

1930-ական թուականներու վերջերուն ստեղծեցին ճամբորդական օդանաւեր։

1920-30-ական թուականներուն Անգլիոյ, Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի, Գերմանիոյ, ԽՍՀՄ-ի եւ այլ երկրներու մէջ արդէն ստեղծուած էին քանի մը հարիւր տեսակի ռազմական ու քաղաքացիական օդանաւեր։

1924-ին օդ կը բարձրանայ ծանր, ամբողջովին մետաղէ պատրաստուած խորհրդային առաջին՝ ԱՆՏ-2 օդանաւը։ Ան մէկ ժամուան մէջ անցաւ 656 քմ., Անգլիական սահմանէն «Սուպերմարին Մ6Գ» օդանաւը, իսկ Ամերիկեան «Դուգլաս» հաստատութեան ԴՍ-3 օդանաւը երկար տարիներ տարբեր երկիրներու մէջ քաղաքացիական հիմնական փոխադրամիջոցն էր։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն աշխարհի մէջ ամէնէն լաւագոյնն էր խորհրդային Իլ-2 հակաթանկային օդանաւը, Անգլիական «Սփիդֆայր», Ամերիկեան «էյրքոբրայ» եւ «Մուսթանգ» օդանաւերը եւ այլն։ Պատերազմի վերջին օդանաւերու արագութիւնը կը հասնէր արդէն մէկ ժամուան մէջ շուրջ 700 քմ-ի։ Սակայն այդ շրջանի օդանաւերը մխոցային շարժիչով էին, եւ այդ կը խանգարէր արագութեան մեծութիւնը։ Անհրաժեշտ էր ստեղծել աւելի հզօր շարժիչներ։

1952-ին կը սկսի մարդատար ռեակտիւ («Հեյվիլենտ Քոմեթ») կանոնաւոր երթեւեկութիւնը։ Այս ձեռքբերումները թոյլ տուին ստեղծել քաղաքացիական օդանաւեր։

Առաջին ճամբորդական օդանաւը 1960-ին ստեղծուած «Քոնքորտն» էր. անոր ձայնի արագութիւնը կը գերազանցէր 2 անգամ եւ Ատլանտեան ովկիանոսը կը կտրէր ընդամէնը երեք ժամուան մէջ։

Նորագոյն օդանաւեր

Մեր օրերուն նոր օդանաւերու շինարարութեան մէջ, աւելի շատ ուշադրութիւն կը դարձնեն, ոչ թէ արագութիւնները բարելաւելու, այլ անոնք խնայողական դարձնելու վրայ։ Նորագոյն օդանաւերու մեծ մասի արագութիւնը գրեթէ 2 անգամ փոքր է 1960-ական թուականներէն ստեղծուած յայտնի «Քոնքորտի» արագութենէն։ Ներկայիս համակարգիչներու օգնութեամբ ճարտարագէտները կը մշակեն աւելի մեծ թեւեր ունեցող օդանաւեր եւ կ'ուզեն ստեղծել աւելի քիչ վառելանիւթ օգտագործող ու աւելի քիչ աղմուկ առաջացնող շարժիչներ։ Օրինակ՝ ծախսելով նոյն քանակութեամբ վառելանիւթ, կը փոխադրէ 4 անգամ աւելի լաւ, քան «քոնքորտը»: Ժամանակակի ընթացքին կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցան համակարգիչները։ Թռիչքի տարբեր պատրաստութիւններու եւ փորձութիւններու, օդանաւը ղեկավարողը համակարգիչն է։ Կան նոյնիսկ այնպիսի օդանաւեր, ուր օդաչուն անմիջականօրէն չի ղեկավարեր թռիչքը, այլ միայն կը հետեւի ղեկավարող գործիքներուն, որոնք նշաններ կ'ուղարկեն համակարգիչին, իսկ վերջինս արդէն կ'ընտրէ թռիչքի ռեժիմին համապատասխան լաւագոյն լուծումը։ Այս համակարգին կ'անուանեն կանոնակարգային ռեժիմ։

Կառուցուածքը

Օդանաւի կառուցուածքի հիմնական մասերն են՝ թեւը, ֆիւզելաժը, շասսին եւ ուղղեակները։

Թեւը, շարժումի ժամանակ կը ստեղծէ ուժ, ֆլիւզելաժին կ'ամրացնէ անշարժ, բայց երբեմն կարողութիւնը ունի պտտիլ լայն առանցքի շուրջ կամ փոխել ձեւը։ Թեւի վրայ կը տեղադրեն կողաթեքման ղեկերը։

Ֆիւզելաժը, օդանաւի մարմինը, կը ծառայէ անձնակազմերու եւ ուղեւորներու տեղաւորման համար։ Ան կը կրէ թեւերը, ուղղեակները, երբեմն՝ շասսին եւ ուժային տեղակայանքը։

Ուղղեակները կը պահեն օդանաւի կայունութիւնը, ղեկավարելիութիւնը, հաւասարակշռութիւնը։

օդանաւի ուժը կազմուած է շարժիչներէ եւ տարբեր համակարգիչներէ ու գործիքներէ՝, օդային պտուտակ, հրդեհային սարքաւորումներ, ուղղութեան փոփոխման համակարգիչներ եւ այլն։ Շարժիչներու թիւը, տեսակը եւ օդանաւի վրայ անոնց տեղի որոշումը հիմնուած է ստեղծուած դիմադրութեան վրայ, շարժիչներէն մէկուն խափանման, առաջացող շրջման վայրկեանին, սարքերու բարդութեան, շարժիչներու սպասարկման եւ փոխոխութեան հնարաւորութիւններու, աղմուկի չափին, ուղեւորներու սրահին եւ այլն։

Ղեկավարման համակարգերը կը բաժնուին հիմնականի եւ օժանդակի միջեւ։ Հիմնականը ընդունուած է ղեկավարել օդային ղեկերը, իսկ օժանդակը՝ շարժիչներու, շասսիի, արգելակներու եւ ղեկավարման համակարգերը։

օդանաւի վարումը հեշտացնելու եւ թռիչքի անվտանգութիւնը մեծցնելու համար կը գործադրեն համակարգիչներ։ Ղեկերու թեքման ժամանակ ղեկավարող ցողերուն ծանրաբեռնուածութեան թուլացումը կ'իրագործուի ելեկտրական ուժեղացուցիչներու միջոցով։ Երբ օդային ղեկերն արդիւնաւէտ չեն (օրինակ, խիստ նօսր մթնոլորտի մը մէջ թռելու ժամանակ), կ'օգտագործեն քիմիական կազային ղեկեր։

Օդանաւերու սարքաւորումները

օդանաւը ծածկուած է վերահսկիչ գործիքներով, ռատիոյով, ելեկտրահակասառցակալման, բարձունքային, կենցաղային եւ այլ յատուկ սարքաւորումներով, իսկ ռազմական օդանաւերը նաեւ զէնք-զինամթերքով։

Վերահսկիչ չափով գործիքները կը բաժնուին դասերու, օդանաւավարման (վարիովեար, աւիահորիզոն, կողմնացոյց եւ այլն), շարժիչներէ որ աշխատանքը կը հսկեն (մանոմեթր, ծախսաչափ եւ այլն) եւ օժանդակներէ (ամպերմեթր, վոլտմեթր եւ այլն)։

Ռատիոյի սարքաւորումները կ'ընդգրկեն ռատիօկապի, ռատիողեկավարման, ռատիօլոկացիոն սարքաւորումներ, թռիչքի եւ վայրէջքի համակարգեր։ Բարձունքային գործիքները (օդակարգաւորման, թթուածինի մատակարարման համակարգեր) կը ապահեն անվտանգութիւնը մեծ բարձրութիւններու վրայ թռելու ժամանակ։

Դասակարգում

օդանաւերու դասակարգումը կարելի է կատարել բազմաթիւ յատկանիշերով, ըստ՝ նշանակութեան, կառուցուածքներուն, շարժիչներուն, արագութեան եւ այլն։

Ըստ նշանակութեան

Քաղաքացիական օդանաւեր

  • մարդատար
  • ճամբորդական
  • մարզական
  • վարչական
  • ուսումնամարզական
  • գիւղատնտեսական
  • նամակատար
  • հրշէջ

Ռազմական օդանաւեր

  • կործանիչ
  • ռմբակոծիչ
  • գրոհիչ
  • ռազմավարական ռմբակոծիչ
  • կործանիչ-ռմբակոծիչ
  • հրթիռակիր
  • օդային աւիակիր
  • հակասուզանաւային
  • վառելիքի լցոնիչ
  • հետախուզական
  • բեռնատար
  • կապի
  • սանիտարական

Ըստ շարժիչներու տիպի

Ըստ շարժիչներու տիպի կ'ըլլան՝

  • պտուտակաւոր
  • տուրբապտուտակաւոր
  • տուրբառեակտիւ

Ըստ թռիչքի արագութեան

Ըստ թռիչքի արագութեան՝

  • մինչձայնային (արագութիունը կը համապատասխանէ M < 1 Մախի թուին),
  • գերձայնային (1<M<5),
  • հիպերձայնային (M<5)։

Ըստ թռիչքային զանգուածի

Թեթեւ օդանաւ ՄԱԻ-223
  • 1-ին դաս (75 թօն եւ աւելին)
  • 2-րդ դաս (30-ից մինչեւ 75 թօն)
  • 3-րդ դաս (10-ից մինչեւ 30 թօն)
  • 4-րդ դաս (մինչեւ 10 թօն)
  • թեթեւ
  • գերթեթեւ (մինչեւ 495 քկ.)

Այս դէպքին մէջ օդանաւի դասը կապուած է օդանաւակայանի դասի հետ, որ կարողութիւնը ունի ընդունելու այս տեսակի օդանաւեր։

Ըստ շարժիչներու տեսակի եւ քանակի

Աստղաձեւ շարժիչը կտրուածքի մէջ
Թուրպօռեաքթիւ շարժիչի քոմփրեսորը
  • Ուժային տեղակայանքի տեսակով՝
    • Պորշինաւոր - (Ան-2)
    • Թուրպօ-պտուտակաւոր - (Ան-24)
    • Թուրպօ-ռեակտիւ - (Տու-154)
    • հրթիռային
  • Շարժիչներու քանակով՝
    • մէկ շարժիչով (Ան-2)
    • երկու շարժիչով (Ան-24)
    • երեք շարժիչով (Տու-154)
    • չորս շարժիչով (Ան-124)
    • հինգ շարժիչով (Հէ-111Զ)
    • վեց շարժիչով (Ան-225)
    • եօթ շարժիչով (Կ-7)
    • ութ շարժիչով (Անտ-20, Բոինգ Բ-52)
    • տաս շարժիչով (Կոնվայր Բ-36)
    • տասնմէկ շարժիչով (Դորնիէ Դո X)

Ըստ կառուցուածքի

Թեւերու վերին տեղաբաշխուող մոնոպլան - քանատական Պոմպարտիէ Դաշ 8
Ամերիկեան Բ-2 թռող թեւ կառուցուածքով ռմբակոծիչ
«Ժեներալ ատոմիքսի» նախագծած MQ-1 Predator անօդաչու սարքը։

Թեւերու քանակով՝

  • մոնոպլաններ
  • մէկեւկէս թեւանի
  • բիպլաններ
  • տրիպլաններ
  • պոլիպլաններ

Թեւերու տեղաբաշխում (մոնոպլանների համար)՝

  • վերին տեղաբաշխում
  • միջին տեղաբաշխում
  • ստորին տեղաբաշխում
  • պարասոլ

Պոչի կառուցուածքի տեսակ

  • ստանտարտ սխեմա (պոչի թեւը ետեւէն)
  • թռչող թեւ (առանց պոչի)
  • «Բադ» (թեւաւորումը դիմացէն)

Ըստ վայրէջքի մասերու տեսակ

  • ցամաքային
    • անիւաւոր
    • դահուկաւոր
    • թրթուրաւոր
    • օդային բարձով
  • նաւային
  • ջրային
  • սուզուող

Ըստ վերելք / վայրէջքի տեսակի

  • Ուղղահայեաց թռիչք-վայրէջք
  • Կարճեցուած թռիչք-վայրէջք
  • Հորիզոնական (սովորական) թռիչք-վայրէջք

Ըստ նախագծին / օգտագործութեան կարգավիճակ

  • փորձարարական
  • փորձնական
  • սէրիական

Ըստ կառավարման սկզբունքի

  • օդաչուի կողմէն կառավարուող
  • անօդաչու

Ծանօթագրութիուններ

Արտաքին յղումներ

  • Airliners.net - օդանաւերու լուսանկարներ եւ խոշորագոյն տեղեկատուական շտեմարան
  • www.flyingmachines.org - Օդանավագնացութեան ինտերնետ թանգարան
  • օդանաւ Archived 2015-05-15 at the Wayback Machine.
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։