Ամֆորէա (αμφορέας)

Պղնձադարի ամֆորէասներ գտնուած յունական նաւու նաւաբեկութենէ

Ամֆորէաս (յուն․՝ Αμφορέας - հին յուն․՝ ἀμφορεύς)․ հնադարեան անօթ գրեթէ սրածայր յատակով եւ իւրայատուկ ձեւաչափով, որպէսզի դիւրին ամբարուի (իրարու կապուած՝ կոթերուն ընդմէջէն, չուանով մը), ինչպէս նաեւ ճամբորդէ փոխադրական միոցներով՝ կառք, նաւ, եւայլն։

Տեղեկութիւններ

Ամֆորէաս․ Ք․․Ա․ 7-րդ դար
Ամֆորէաս, Ք․Ա․ 650-600, ձի կը պատկերացնէ

Ստուգաբանութիւն

Ամֆորէաս ἀμφορεύς բառը կազմուած է «ամֆի» (αμφί=երկու կողմեր) մակբայէն եւ «ֆերին» (φέρειν-φέρω=բերել) բայէն. «ամֆիֆորեւս» (ἀμφιφορεύς)՝ երկու կոթով։

Գործածութիւն

Ընդհանրապէս կը գործածուէր գինիի, ձէթի եւ գարեջուրի ամբարման համար։ Կարգ մը պարագաներու նաեւ, իբրեւ դագաղ մեռած նորածին մանուկներու համար։

Ձեւաչափեր

  • Նոլա տիպի․ վիզով, կոթերով եւ հաստատ յատակով, երեւցած է Ք․Ա․ 5-րդ դարու երկրորդ կէսին,
  • Նրբամիտ (սուր) յատակով․ բոլորաձեւ մարմինով, լորակ կոթերով եւ փոխան յատակի՝ փոքր փորակ մը, երեւցած է Ք․Ա․ 5-րդ դարու առաջին կէսին,
  • Փանաթինայիէոս․ Աթէնքի գործ, լայն մարմինով, կլորակ կոփերով, եւ մանր յատակով․ Փանաթինէա մրցումներուն կը տրուէր իբրեւ մրցանակ եւ ձէթ կը պարունակէր, երեւցած է Ք․Ա․ 5-րդ դարու առաջին կէսին,
  • Նիքոսթենիոս․ հաւկթաձեւ մարմինով, բարձր վիզով եւ լայն յատակով․ Նիքոսթենին զայն յայտնաբերեց, Ք․Ա․ 530-ին,
  • Լայն մարմնով․ հաւկթաձեւ եւ երկայն մարմնով,
  • Փոխադրութեան գործածուող․ ընդհանրապէս գինիի փոխադրութեան կը գործածուէր․ սրածայր եւ բաւական երկայն, դիւրին ամբարուող ամֆորէաս։

Պատկերասրահ

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10]

Ծանօթագրութիւններ