Բուսաբանութիւն

Բուսաբանութիւն (հին յուն․՝ βοτανικός - «բոյսերուն վերաբերող» և βοτάνη - «խոտ, բոյս»), կենսաբանութեան մէկ բաժին, գիտութիւն բոյսերու մասին։

Ուսումնասիրութեան Առարկան

Հիբիկուս

Բուսաբանութիւնը կ'ընգրկէ մեծ քանակութեամբ խնդիրներ՝ բոյսերու արտաքին եւ ներքին կառուցուածքի օրինաչափութիւնները (մորֆոլոգիա եւ անատոմիա), բոյսերու դասակարգումը եւ սիստեմատիկան, բուսատեսակներու պատմական զարգացումը (էվոլյուցիա), ազգակցական կապերը (ֆիլոգենեզ), տարածումը՝ տարածական բաշխումը Երկրի մակերեսին (բոյսերու աշխարհագրութիւն), բուսածածկի կառուցուածքը (ֆիտոցենոլոգիա կամ երկրաբուսաբանութիւն), բույսերու հնարաւոր մշակումը արտադրութեան մէջ (տնտեսական բուսաբանութիւն)։ Ըստ ուսումնասիրման օբյեկտի բուսաբանութեան մէջ կ'առանձնանան՝

  • ֆիկոլոգիա (ալգոլոգիա) - գիտութիւն ջրիմուռներու մասին
  • միկոլոգիա - գիտութիւն սունկերիու մասին
  • լիխենոլոգիա - գիտութիւն քարաքոսերու մասին
  • բրիոլոգիա - գիտութիւն մամուռներու մասին եւ այլն։

Բուսական աշխարհի միաբջիջ օրգանիզմներու ուսումնասիրութիւնը կը կատարէ միկրոբիոլոգիա գիտութիւնը։ Բոյսերու հիւանդութիւններով կը զբաղի բուսախտաբանութիւնը (ֆիտոպաթոլոգիան)։ Բուսաբանական հիմնական սկզբունքը այդ բոյսերու սիստեմատիկան է, որմով բուսական աշխարհի բազմաթիւ տեսակները միասին համեմատելով կը բաժնեն ըստ տաքսոններու (դասակարգին մէջ), կը ճշդուի անոնց անուանակարգումը (նոմենկլատուրա), կը պարզուի անոնց ազգակցական կապերը եւ փոխյարաբերութիւնները (ֆիլոգենետիկա)։
Որոշակի տարածքի ուսումնասիրուած բուսատեսակներու ամբողջութիւնը կ'անուանուի ֆլորա, իսկ ատորմով զբաղուող գիտութիւնը՝ ֆլորիստիկա։ Առանձին տեսակներու, ցեղերու եւ ընտանիքներու արեալները որոշող գիտութիւնը՝ ֆիտոխորոլոգիա։ Ծառերը եւ թուփերը ուսումնասիրող գիտութիւնը կ'անուանուի ծառագիտութիւն (դենդրոլոգիա)։
Սիստեմատիկայի հետ սերտօրէն կապուած է նաեւ բոյսերու մորֆոլոգիան, որ կ'ուսումնասիրէ բոյսերու ձեւաբանութիւնը, անոնց անհատական (օնտոգենեզ) եւ պատմական զարգացումը (ֆիլոգենեզ)։ Նեղ իմաստով՝ մորֆոլոգիան կ'ուսումնասիրէ բոյսերու արտաքին ձեւը եւ անոր մասերը, իսկ լայն իմաստով այն կ'ընգրկէ բոյսերու անադոմիան, որ կ'ուսումնասիրէ բոյսերու ներքին կազմութիւնը, սաղմնաբանութիւնը (էմբրիոլոգիան) եւ բջջաբանութիւնը (ցիտոլոգիան), որ կ'ուսումնասիրէ բուսական բջիջը։ Մորֆոլոգիայի մէջ եւս կ'առանձնացուին շարք մը բաժիններ, ինչպիսին են օրինակ՝ օրգանոգաֆիա` բոյսերու օրգաններու նկարագրութիւն, պալինոլոգիա` բոյսերու փոշեհատիկներու եւ մարզանքներու ուսումնասիրութիւն, կարպոլոգիա` պտուղներու տեսակներու նկարագրում եւ դասակարգում, տերատոլոգիա`բոյսերու կառուցուածքային շեղումները եւ անոմալիաները։ Կ'առանձնանան բոյսերու համեմատական, էվոլիւցիոն, էկոլոգիական մորֆոլոգիաները։
Բոյսերու փոխյարաբերութիւնը ապրելու միջավայրի հետ կ'ուսումնասիրէ բոյսերու էկոլոգիան։ Նեղ իմաստով էկոլոգիան կ'ուսումնասիրէ բոյսերու վրայ արտաքին պայմաններու ազդեցութիւնը եւ միջավայրով պայմանաւորուած` բոյսերու բազմազանութիւնը։ Երկրի մակերեսին բոյսերը կը ձեւաւորեն որոշակի համակեցութիւններ կամ ֆիտոցենոզներ (անտառներ, տափաստաններ, սաւաննաներ եւ այլն)։ Այս համակեցութիւններու ուսումնասիրմամբ զբաղուող գիտութիւնը, կ'անուանուի երկրաբուսաբանութիւն կամ ֆիտոցենոլոգիա (որոշ երկիրներու մէջ նաեւ՝ ֆիտոսոցիոլոգիա)։ Կախուած ուսումնասիրութեան առարկայէն երկրաբուսաբանութեան մէջ կ'առանձնացուի՝ անտառագիտութիւն, ճահճաբանութիւն եւ այլն։ Կ'առանձնացուի նաեւ բիոգեոցենոլոգիան, որ կ'ուսումնասիրէ բուսածածկի, կենդանական աշխարհի, հողի եւ հողառաջացնող ապարներու միջեւ եղած փոխյարաբերութիւնները։ Այս համակարգը կ'անուանուի կենսաերկրացենոզ։
Երկրի մակերեսին բոյսերու բաշխման ուսումնասիրմամբ կը զբաղի բոյսերու աշխարհագրութիւնը։ Բոյսերբւ բրածոներու ուսումնասիրմամբ կը զբաղի պալեոբուսաբանութիւնը կամ ֆիտոպալեոնտոլոգիան, որուն տուեալները մեծ նշանակութիւն ունին սիստեմատիկայի, մորֆոլոգիայի եւ բոյսերու պատմական աշխարհագրութեան համար։
Բոյսերու տնտեսական դերը կ'ուսումնասիրէ տնտեսական բուսաբանութիւնը։ Ասոր հետ սերտօրէն կապուած է էթնոբուսաբանութիւնը, որ կ'ուսումնասիրէ տարբեր էթնիկական խումբերու կողմէն բուսատեսակներու օգտագործումը։

Ապու սինայի «Բշկագիտութեան կանոն»-ը

Բոյսերու ֆիզիոլոգիան եւ բոյսերու կենսաքիմիան ոչ միշտ կը համարեն բուսաբանութեան բաժիններ, որովհետեւ բուսական օրգանիզմի մէջ կատարուող պրոցեսները շատ դէպքերու մէջ, կը համընկնին կենդանիներու օրգանիզմի մէջ կատարուող փոփոխութիւններու հետ եւ կ'ուսումնասիրուին նոյն մեթոդներով։ Սակայն բոյսերու կենսաքիմիան եւ ֆիզիոլոգիան կ'առանձնանան որոշակի յատկանիշներով, որոնք պայմանաւորուած են միայն բուսական օրգանիզմին բնորոշ առանձնայատկութիւններով։
Բոյսերու գենետիկան յաճախ կը համարեն նոյն գենետիկայի մէկ բաժինը, չնայած որ, անոր որոշ ուսումնասիրութիւնները կապուած են բիոսիստեմատիկայի, բոյսերու էկոլոգիայի եւ երկրաբուսաբանութեան հետ։
Վերը նշուած բուսաբանութեան բաժիններու միջեւ սահմանները, որոշակի առումով պայմանական են, որովհետեւ անոնց ձեւերը, տուեալները, ուսումնասիրման առարկաները յաճախ կը համընկնին։

Բուսաբանական Անուանակարգում

Բացի կենսաբանութեան մէջ ընդունուած անուանակարգման, բուսաբանութիւնը, ինչպէս կենսաբանութեան բոլոր ենթաբաժինները, լրացուցիչ կերպով տեսակը կը բաժանէ տարատեսակի, ենթատեսակի եւ ձեւի։ Ընդունուած է բուսաբանական անուանակարգումը անուանել՝ բինար նոմենկլատուրա, իսկ կենդանաբանական անուանակարգումը` բինոմինալ նոմենկլատուրա:

Բուսաբանութեան Պատմութիւն

Բուսաբանի աւանդական գործիքներ
Թէօֆրաստի արձանը

Հին Բուսաբանութիւն

Բուսաբանութեան պատմութիւնը կը սկսի հնագոյն աղբիւրներուն մէջ, առկայ բոյսերու նկարագրութեամբ եւ դասակարգմամբ։ Բուսաբանական աշխատութիւններու օրինակներ գտնուած են Հին Հնդկաստանի մէջ, Միջագետքի մէջ, Զրադաշտական եւ Հին Չինական ձեռագրերուն մէջ։
Առաջին ուսոպմնասիրութիւնները, որոնք չեն նկարագրած բոյսերը ըստ իրենց սննդային կամ բուժական նշանակութեան կը համարուին`

  • Արիստոտելի աշխատութիւնները,
  • Արիստոտելի աշակերտ Թեոֆրաստի «Բոյսերու պատմութիւն»-ը ( հին յուն․՝ Περὶ φυτῶν ἱστορίας, լատ.՝ Historia plantarum ), ուր նկարագրուած է շուրջ 500 բոյսերու տեսակներ, տրուած է դասակարգման հիմքերը եւ բոյսերը բաժնուած են ըստ կենսական ձեւերու, տրուած է ֆիզիոլոգիայի հիմքերը, ծաղիկի կառուցուածքը,
  • Պլինիուս Աւագի «Naturalis Historia»-ն ուր ան նկարագրած է շուրջ 1000 տեսակի բոյսեր։
  • Այուրվեդան հնդկական աշխատութիւն, որ կը դասուի Ք.ա. առաջին հազարամեակին
  • Պարսիկ Աբու Ալի Իբն Սինայի (Ավիցեննա) «Բշկագիտութեան կանոն»-ը
  • Գերմանացի բնագէտ եւ փիլիսոփայ Ալբերտ ֆոն Բոլշտէյն-ի (Ալբերտ Մեծ) աշխատութիւնները։

Միջնադարեան մուսուլմանական աշխարհէն յայտնի է Աբու Հանիֆա Դինաւարիի (828-896) «Բոյսեու գիրք»-ը, Իբն Բասսալի «Հողերի դասակարգին մէջ»-ը եւ այլն։ 13-րդ դարու սկիզբը Աբու-ալ-Աբբաս ալ-Նաբաթին եւ Իբն ալ-Բայթարը նոյնպէս գրած են բուսաբանութեան մասին։

Վաղ Ժամանակակէն Բուսաբանութիւն

Լեոնարդ Ֆուքսը (1501–1566), Օտտո Բրունֆելսը (1489-1534) եւ Հիերոնիմ Բոկը (1498–1554) կը համարուին ժամանակակէն բուսաբանական գիտութեան հիմնադիրները։

Ժամանակակէն Բուսաբանութիւն

Բուսաբանութիւնը, որպէս գիտութիւն, ձեւաւորուած է XVII–XVIII դարերուն։ Ստեղծուեցան առաջին «չոր այգիները»՝ հերբարիումները, ապա կազմուեցան բուսաբանական այգիներ։ Իտալացի բժիշկ-բուսաբան Ա. Ցեզալպինոն «Բոյսերու մասին» իր գրքին մէջ, դասակարգեց բոյսերը։ Շուեյցարացի բուսաբան Կ. Բաուհինը ստեղծեց երկանուն անուանակարգութիւն՝ իւրաքանչիւր բոյս անուանելով 2 բառով, որոնցմէ մէկը ցոյց կու տայ բոյսի ցեղը, միւսը՝ տեսակը։ Այդ անուանակարգը հետագային, օրինականացուց Կ. Լիննէյը, որ կը գործէր մինչեւ օրս։ Բոյսերու կարգաբանութեան վրայ որոշիչ նշանակութիւն ունեցաւ Չ. Տարուինի յեղափոխական տեսութիւնը։

Բուսաբանական Գիտութիւնը Հայաստանի Մէջ

Մեր օրերու, Հայաստանի հարուստ ու հետաքրքիր բուսական աշխարհով կը զբաղին դեռեւս 1939 թ-ին բացուած Բուսաբանութեան հիմնարկի եւ Բուսաբանական այգիի գիտնականներն ու մասնագետները։ Յայտնի բուսաբաններ են Ա. Թախտաճեանը, Հ. Մաղաքեանը, Դ. Բաբաեան-Տետերևնիկովան, Պ. Ղանդիլեանը, Գ. Դավթեանը, Լ. Օսիպեանը եւ ուրիշներ։

Յայտնի Բուսաբաններ

  • Իբն ալ-Բայթար (մ. 1248), արաբ գիտնական, բուսաբան, բժիշկ, դեղաբան, ամենամեծ բուսաբանական հանրագիտարաններէն մէկուն հեղինակը
  • Աբու ալ-Աբբաս ալ-Նամաբի (1200), արաբ բուսաբան եւ գիւղատնտես, փորձարարական բուսաբանութեան հիմնադիրներէն
  • Աւգուստին Պիրամուս դը Կոնդոլ (1778–1841), տուածէ գոյութեան կռուի գաղափարը
  • Աբու Հանիֆա Դինավարի (828-896), պարսիկ բուսաբան, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, աստղագէտ, մաթեմատիկ
  • Թէոֆրաստ (371 – 287 ՔԱ), բուսաբանութեան հայրը
  • Լեոնարդօ Տա Վինչի (1452–1519), իտալացի գիտնական, երկրաչափ, անատոմ, նկարիչ, քանդակագործ, բուսաբան, երաժիշտ, գրող
  • Արմէն Թախտաճեան (1910-2009), հայ աշխարհահռչակ գիտնական, 20-րդ դարու էվոլեուցիոն բուսաբանութեան, բոյսերու սիստեմատիկայի ամենանշանաւոր դէմքերէն մէկը, բոյսեու դասակարգման «Թախտաճեանական համակարգի» ստեղծողը։

Օգտագործուած Աղբիւրներ