Ռուփի Քաուր, ժամանանակից Քանատացի իգականութիւն պաշտպանող բանաստեղծուհի, հեղինակ եւ արուեստագէտ մըն է, որ կը բնակի Թորոնթօ, Քանատա: Ռուփի ճանչցուած է որպէս Instapoet հաշիւով Instagram ցանցին վրայ[5]: Ռուփին նաեւ հրատարակած է բանաստեղծութեան գիրք մը 2015 թուականին, որ կը կոչուի՝ «milk and honey»: Գիրքին մէջ գտնուող բանաստեղծութիւնները կը խօսին չարչարանքներու, սիրոյ եւ կորուստի իրականութիւններու մասին[6]: