Փայծաղ

Մարդկային փայծաղ

Փայծաղ (անգլ․՝ spleen, յունարէն՝ σπλήν-splḗn[1]) կակուղ գործարան մը, որ հարուստ է անօթներով եւ արիւնով: Անիկա անծորան գեղձ մըն է: Փայծաղը ունի 12-13 սմ. երկայնք, 7-8 սմ. լայնք եւ 4-5 սմ. հաստութիւն: Կը գտնուի փորին ձախ եւ վերին բաժինին մէջ եւ ստոծանիին տակը: Անոր դիրքորոշումը կախեալ է ստոծանիին շարժումներէն եւ շնչառութեան հոլովոյթէն:

Փայծաղը օժտուած է կշռութային պռկումներով, որոնք կ'արագացնեն իր մէջ կուտակուած արեան շարժումը[2]:

Յաւելեալ

Փայծաղը կազմուած է երկու տեսակի հիւսկէններէ՝

  • Սպիտակ միջուկ հիւսկէններէ (white pulp), որոնք կ'առնչուին մարմինին դիմադրողականութեան հետ՝ արտադրելով ճերմակ գնդիկներու T եւ B խմբաւորումները: T եւ B բջիջները կը յառաջացնեն պաշտպանողական հակամարմիններ (antibody),
  • Կարմիր միջուկ հիւսկէններէ (red pulp), որոնք կը գործեն իբրեւ զտիչ եւ իբրեւ արեան շտեմարան: Անոնք կը կազմեն փայծաղին 75-80 տոկոսը:

Փայծաղին հիմնական դերակատարութիւններն են՝

  1. Կ'արտադրէ հակամարմիններ եւ կ'օժանդակէ մարմինին դիմադրողական համակարգին (immune system),
  2. Կ'ամբարէ եւ կ'արտադրէ արեան ճերմակ գնդիկներ:

Այս երկու դերակատարութիւնները կը կատարուին սպիտակ միջուկ հիւսկէնին կողմէ:

  1. Կը գործէ իբրեւ արեան զտիչ՝ կը վերցնէ իրեն հասած արեան օտար մարմինները, մանրէները եւ կործանած-մահացած կարմիր գնդիկները:
  2. Կ'ամբարէ մահացած կարմիր գնդիկներուն ներկանիւթը (hemoglobin), որ արեան շրջագայութեան մէջ մտնելով կը հասնի ոսկրածուծ եւ կը գործածուի նոր կարմիր գնդիկներու արտադրութեան:
  3. Չափահասներու մօտ, երբ ոսկրածուծը վնասուի եւ կարմիր գնդիկներու արտադրութիւնը նուազի, փայծաղը կը հասնի օգնութեան եւ մասամբ մը օգտակար կը դառնայ կարմիր գնդիկներու արտադրութեան:
  4. Արեան ճերմակ գնդիկներու եւ թիթեղիկներու (platelets) շտեմարան է:

Վերոյիշեալներուն վերջին չորս դերակատարութիւնները տեղի կ'ունենան կարմիր միջուկ հիւսկէնին մէջ:

Անհատ մը կրնայ ապրիլ առանց փայծաղի:

Յաճախ փայծաղը կը հատուի ամբողջութեամբ զանազան պատճառներով: Այս պարագային անոր պաշտօնները կը կատարէ լեարդը: Սակայն փայծաղին հատումով մարմինին դիմադրողականութիւնը կը տկարանայ եւ անհատը հակամէտ կ'ըլլայ բազմաթիւ բորբոքումներու:

Փայծաղին հիւանդութիւնները հետեւեալներն են՝

Փայծաղին ծաւալումը

Փայծաղը կրնայ ծաւալիլ եւ մեծնալ: Այս ծաւալումը դրսեւորումն է զանազան տեսակի մարմնական հիւանդութիւններու, օրինակ՝ բորբոքումներ, սակաւարիւնութիւն (anemia), լեարդի փճացում (cirrhosis), վարակիչ միակորիզ բջիջախտ-համբոյրի հիւանդութիւն (infectious mononucleosis), թոքախտ, մալարիա, մալթեան տենդ (brucellosis), տրփախտ (syphilis), աւշային գեղձերու խլիրդ (lymphoma), Hodgkin հիւանդութիւն, սպիտակարիւնութիւն (leukemia), արեան թանձրացում (polycythemia), մանգաղանման կարմիր գնդիկներու սակաւարիւնութիւն (sickle cell anemia) եւ փայծաղի պարկեր:

Փայծաղի ծաւալումը բացայայտ է, անոր կ'ընկերանան հետեւեալ ախտանշանները՝

  1. Ճնշումի ցաւ ստամոքսին վրայ,
  2. Սակաւարիւնութիւն,
  3. Կրկնովի բորբոքումներ,
  4. Արիւնահոսութիւն:

Վերջին երեքը կը պատահին փայծաղի գերգործունէութեամբ (hyperfunction), սակայն անոր յարակից բազմաթիւ ախտանշաններ կը պատահին ըստ ծաւալումին հիմնական ախտապաճառին:

Այս ախտանշաններուն զուգահեր կը տեսնուին նաեւ ծաւալումը յառաջացնող հիւանդութեան ախտանշանները:

Ծաւալումի հիմնական ախտապատճառի ախտաճանաչումին համար կը կատարուին շարք մը արեան քննութիւններ եւ փայծաղի համակարգչային (CT Scan) եւ մակնիսարձագանգային նկարահանումներ (MRI):

Փայծաղին ծաւալումին դարմանումը կախեալ է ախտապատճառ հիւանդութենէն: Ծաւալումը ընդհանրապէս ինքնին դարմանումի չի կարօտիր:

Փայծաղին գերգործունէութիւնը

Փայծաղին գերգործունէութիւնը կը յառաջանայ փայծաղին ծաւալումով:

Փայծաղին գերգործունէութիւնը կը յառաջացնէ՝

  1. Արեան կարմիր գնդիկներու նուազում եւ սակաւարիւնութիւն.
  2. Արեան ճերմակ գնդիկներու եւ արեան թիթեղիկներու նուազում.
  3. Ոսկրածուծի գերաշխատանք՝ իբրեւ փոխհատուցումի (compensation) միջոցառում առատ կարմիր գնդիկներ արտադրելու համար:

Փայծաղին գերգործունէութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի տեսնելով փայծաղին ծաւալումը եւ արեան կարմիր ու ճերմակ գնդիկներու եւ թիթեղիկներու նուազումը:

Գերգործունէութեան դարմանումը կ'իրականանայ՝

  1. Դարմանելով անոր բուն ախտապատճառը,
  2. Կատարելով փայծաղին վիրահատումը:

Փայծաղին հատումէն ետք անհատը կ'ունենայ յաճախակի մարմնական զանազան տեսակի բորբոքումներ: Հետեւաբար՝ ան պէտք է ստանայ յատուկ դեղեր սատարելու համար մարմինին դիմադրողականութեան:

Ծաւալած փայծաղին պայթումը

Անիկա ընդհանրապէս տեղի կ'ունենայ ուղղակի հարուածով մը: Փայծաղին պայթումը կրնայ պատահիլ հազուադէպօրէն համբոյրի հիւանդութեամբ վարակուած անհատներուն:

Պայթումի հետեւանքով տեղի կ'ունենայ փայծաղի մեծ արիւնահոսում: Արիւնը կը կուտակուի որովայնին մէջ եւ կը յառաջանայ փորի ցաւ, փորի ուռածութիւն, արագ սիրտի զարկ, զարկերակային ճնշումի նուազում եւ նուաղում:

Փայծաղին պայթումին ախտաճանաչումը կը կատարուի փորի եւ փայծաղի համակարգչային եւ մակնիսարձագանգային նկարահանումով:

Պայթած փայծաղը պէտք է վիրահատուի:

Փայծաղի թարախակոյտ (abscess)

Անիկա կը յառաջանայ՝

  1. Փայծաղին ուղղակի հարուածով յառաջացած բորբոքումով,
  2. Արեան ճամբով հոն հասած մանրէական բորբոքումով:

Արեան թիթեղիկներու համախմբում-մեկուսացում (platelet sequestration)

Այս կացութիւնը կը տեսնուի զանազան հիւանդութիւններու հետեւանքով ծաւալած փայծաղին մէջ։ Անոր կարեւոր ախտանշանն է՝ արեան թիթեղիկներու նուազում (thrombocytopenia): Այս կացութիւնը կը դարմանուի փայծաղին հատումով:

Ծանօթագրութիւններ

  1. σπλήν, Henry George Liddell, Robert Scott, A Greek-English Lexicon, on Perseus Digital Library
  2. Spleen, Internet Encyclopedia of Science

Տե՛ս նաեւ

Աղբիւրներ

  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դկտ. Կարպիս Հարպոյեան, 3 Մայիս 2013: