Պաղղադիոն

Պաղղադիոն (լատ.՝ Palladium), քիմիական տարր է որուն նշանն է Pd, կարգահամարը՝ 46, հիւլէական զանգուածը՝ 106.4:

Պատմութիւն

Պաղղադիոնը յայտնաբերած է անգլիացի գիտնական Ուիլիըմ Ուոլըսթընը (անգլերէն՝ William Hyde Wollaston) 1803 թուականին, բնածին պղատինին մէջ։ Անուանուած է ի պատիւ ատկէ երկու ամիս առաջ յայտնաբերուած Փալլաս ասթերոիտի։

Ստացում

Պաղղադիոնի ստացման հիմնական հումքը պղատինային մետաղներու համակեդրոնացուածքն է, որը կը ստացուէ նիքէղի ելեկտրոլիզային ստացման անոտային խարամներէ։ Ան կը մշակեն արքայաջուրով:

Պաղղադիոնը եւ իրիդիոնը լուծոյթէն անջատուելէն ետք պաղղադիոնը կը նստցնեն [Pd(NH3)2Cl2] համալիր աղի ձեւով։ Ան կը մաքրեն ամոնիակի լուծոյթի ավելցուկին մէջ լուծելով։ Այնուհետեւ կը շիկացնեն (800-900 °C) եւ ստացուած սպունգաձեւ պաղղադիոնը մանրելէն ետք կը վերականգնեն ջրածինի հոսանքին մէջ։ Կը ստացուի պաղղադիոնի 99,8-99,9 % մաքրութեան փոշի։ Կը հալեն վաքուումին մէջ կամ իներտ միջավայրին մէջ (Ar, Ne)։

Յատկութիւնները

Պաղղադիոնը փափուկ եւ գեղեցիկ արծաթափայլ մետաղ մըն է, որ կը նմանի սպիտակ ոսկիի: Ան ունի աւելի փոքր խտութիւն եւ պղատինի խումբի մետաղներու շարքին ամենացածր հալման ջերմաստիճանը[1] Սենեակի ջերմաստիճանին դիւրութեամբ կը հալէ արքայաջուրին մէջ: Սովորական ջերմաստիճանին չփոխազդեր թթուածինին հետ: 800 °C-ի պարագային կը ստացուի պաղղադիոնի օքսիտ (PdO). Ան թեթեւակի կ'աղոտուէ ծծումբ պարունակող օդին մէջ: [աղբիւրի կարիք ունի][2]

Հանքավայրեր

Կը հանդիպէ նիքէղի եւ պղինձի սուլֆիտային հանքերուն մէջ։ Կը հանդիպէ Ուրալին, Սիպիրիոյ, Հարաւային Ամերիկային, Քանատային, ԱՄՆ-ուն, Հարաւային Ափրիկէին մէջ։

Քիմիական Յատկութիւններ

Պարբերական համակարգի 5-րդ պարբերութեան 8րդ խումբի քիմիական տարր։ Ազնիւ մետաղ է, կը պատկանի պղատինային մետաղներու շարքին։ d տարր է։ Հիւլէի ելեկտրոնային թաղանթներու կառուցուածքն է 4s24p64d105s°։ К, L, М թաղանթները լրացուած են։ Պղատինային մետաղներէն ամէնաթեթեւն ու դիւրահալն է։

Բնութեան Մէջ

Պաղղադիոնը հազւագիւտ մետաղ մըն է, պարունակութիւնը երկրակեղեւին մէջ՝ 1,3․10−6 զանգուած % ։ Բնածին պաղղադիոնը կը հանդիպէ հազւադէպ՝ պղատինի եւ այլ մետաղներու համաձուլուածքներու ձեւով։ Յայտնի են անոր մօտ 13 միներալները (70-0,3 % Pd), որոնցմէ են՝ ալոպաղղադիոնը, պաղղադիոնական պղատինը (մինչեւ 37 % Pd)

Կիրառութեան Բնագաւառները

  • Ներքին այրման շարժիչներ
  • Ոսկերչութիւն (յատկապէս Արեւելեան Ասիոյ երկիրներուն մէջ)
  • Ձեռքի ժամացոյցներու արտադրութիւն
  • Ոսկիի նման կարելի է անկէ քաշել 0.01 մկմ հաստութեան թաղանթ
  • Բժշկական գործիքներու արտադրութիւն
  • Ելեկտրոտներ վառելիքի տարրերու եւ կայծամոմիկներու համար
  • Մետաղադրամներ պատրաստելու
  • Գրչածայրեր պատրաստելու

Ծանօթագրութիւններ

  1. Hammond, C. R. (2004)։ «The Elements»։ Handbook of Chemistry and Physics (81st հրտրկթն․)։ CRC press։ ISBN 0-8493-0485-7 
  2. Craig Bruce D., Anderson David S. (1995)։ «Atmospheric Environment»։ Handbook of corrosion data։ ASM International։ էջ 126։ ISBN 978-0-87170-518-1